2012-10-17 13:57:44

Գանատայի Եպիսկոպոսներու Հովուական Թուղթը`


''Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը, Այն Ինչ Որ Կը Ներկայացնէ Ու Անոր Կարեւորութիւնը Այսօր'' Նիւթին Մասին։

Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովի բացման 50-րդ տարեդարձին առթիւ Գանատայի եպիսկոպոսները, 11 հոկտեմբերին հրապարակեցին հովուական թուղթ մը ''Վատիկանեան Բ տիեզերական ժողովը - այն ինչ որ կը ներկայացնէ եւ անոր կարեւորութիւնը այսօր'' նիւթին մասին։ Եօթը էջնոց հովուական թուղթին մէջ եպիսկոպոսները կը վերակոչեն վերոյիշեալ ժողովին դրդապատճառներն ու կարեււորութիւնը Եկեղեցւոյ համար։ Հովուական թուղթը ի յայտ կը դնէ այդ ժողովին վաւերագիրերուն ազդեցութիւնը հաւատացեալներու ներկայ կեանքին մէջ։ Գանատայի եպիսկոպոսները կը հրաւիրեն եկեղեցական դասը ու քրիստոնեայ աշխարհականները եւ մասնաւորապէս նոր սերունդը, վերստին կարդալու եւ ուսումնասիրելու այդ վաւերաթուղթերը լաւագոյն կերպով համապատասխանելու Աստուծոյ կանչին։








All the contents on this site are copyrighted ©.